IRI-ի հարցախոյզի արդիւնքներու քննարկում՝փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ
Manage episode 341570847 series 3346808
Որքան վստահելի է IRI-ը իբրեւ հարցախոյզ կատարող կազմակերպութիւն, հարցումներու շրջանակը, ժամանակը եւ մասնակիցներու աշխարհագրական տեղաբաշխումը ինչպէս կ՝ազդէ պատասխաններու վրայ։ Անցեալ շաբաթ հրապարակուած IRI-ի հարցախոյզի արդիւնքներու, քաղաքական գործիչներու ժողովրդականութեան, անոնց հանդէպ վստահութեան, տնտեսութեան եւ անվտանգութեան հարցերու վերաբերեալ պատասխաններու քննարկումը կատարեցինք Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութեանց դասախօս փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեանի հետ։ Իշխանութեան գլուխ կանգնած թէ ընդիմութիւնը ղեկավարող քաղաքական գործիչները ընդհանրապէս կը հետեւի՞ն այս հարցախոյզի արդիւնքներուն եւ համապատասխան եզրակացութիւններ կը կատարե՞ն՝ բարեփոխելով իրենց մօտեցումներն ու գործելակերպը։ Գոչիկեան կը կասկածի։ Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրէն քննարկումը վարեց Աբօ Պողիկեան։
#CivilNet #ՍիվիլՆեթ #տրոփ
483 эпизодов